2015-02-22 12:26:12

Ֆրանչիսկոս Պապին 22 փետրուարի Մարեմեան Աղօթքը` ''քառասնորդաց շրջանը հոգեւոր պայքարի շրջան է` չար ոգիներուն դէմ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 22 փետրուար 2015-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ մատնանշեց օրուան սուրբ աւետարանին` քաղուած Մարկոսի աւետարանիչէն ուր կը խօսուի Յիսուսի առաքելութեան սկիզբի մասին երբ Հոգին Սուրբ զինք կը մղէ դէպի անապատ` ուր կը մնայ քառասուն օր եւ կը փորձուի սատանայէն (Մարկ 1,12-13)։
Եկեղեցին, ըսաւ Ֆրանչիկսոս Պապը, քառասնորդաց շրջանի սկիզբը մեզի կը յիշեցնէ այս խորհուրդը որպէս ներկայացում այս շրջանի հեռանկարին ու խոր իմաստին` որ է ''շրջան հոգեկան պայքարի ընդդէմ չար ոգիներուն''։ Եւ անապատէն անցքի ընթացքին մեր աչքը սեւեռած կը մնանք Սուրբ Զատկուայ որ է Յիսուսի վերջնական յաղթանակը չարին, մեղքին ու մահուան դէմ։ Ահա թէ ինչ է իմաստը քառասնորդացի առաջին այս կիրակիին` մենք մեզ դնել Յիսուսի ճանապարհին վրայ որ դէպի կեանք տանող ճանապարհ է, ըսաւ Սրբազան Հայրը, մատնանշելով թէ այս ուղեւորութեան ընթացքին կարելի է ունկնդրել թէ Աստուծոյ ձայնը թէ փորձիչին ձայնը ու մաղթեց որ քառասնորդացի այս անապատը օգնէ մեզ ոչ ըսելու աշխարհին եւ կուռքերուն ու Աւետարանի համապատասխանող համարձակ ընտրութիւններ կատարելու եւ հզօրացնելու եղբայրական զօրակցութիւնը։
Անվախ մուտք գործենք անապատ այն գիտակցութեամբ թէ միայնակ չենք, Յիսուսի հետն ենք, Աստուծոյ եւ Սուրբ Հոգիինն հետն ենք - հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին եւ օգնութիւնը ''որպէսզի թոյլ տանք որ Սուրբ Հոգին առաջնորդէ մեր քայլերը ու վերանորոգէ մեզմէ ամէն մին նոր կեանքով''։
Աստուածամօր կը յանձնեմ յատկապէս Հոգեւոր կրթութեան շաբաթը - յարեց ապա Սրբազան Հայրը մատնանշելով քառասնորդաց շրջանի աւանդական հոգեւոր կրթութեան որ սկիզբ կ՛առնէ այսօր յետմիջօրէին ու վերջ կը գտնէ յառաջիկայ շաբաթ 27 փետրուարին եւ որուն կը մասնակցի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ու Հռոմի Քուրիայի անոր համագործակիցները։
''Ձեզմէ կը խնդրեմ որ մեզի ընկերանաք աղօթքով'' խնդրանք ուղղեց Սրբազան Հայրը եւ արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որուն աւարտին ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն ու ապա յայտնեց թէ քառասնորդաց շրջանը ապաշխարութեան ուղեւորութիւն մըն է որուն կեդրոնը կը մնայ սիրտը։

Ասոր համար – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – մտադրեցի ձեզի նուիրել գրպանի գրքոյկ մը որուն խորագիրն է ''Պահպանէ սիրտը''։ Այս աղօթագիրքը կը պարունակէ Յիսուսի մի քանի վարդապետութիւնները ու մեր հաւատքի հիմնական սկզբունքները ինչպէս Խորհուրդները, Սուրբ Հոգիին պարգեւները, տասը պատուիրանները, առաքինութիւններն ու ողորմութեան գործերը....
Այժմ` մի քանի կամաւորներ, զայն պիտի բաշխեն։ Առէք գրքոյկը ու ձեր հետ տարէք որպէս սրտէն մեկնող հոգեկան աճումի եւ ապաշխարութեան նեցուկ։
Մարդկութիւնը կարիքը ունի արդարութեան, խաղաղութեան եւ սիրոյ, եւ ասոնց կրնայ յանգիլ միայն երբ բոլոր սրտով կը վերադառնայ Աստուծոյ որ ամէն բանի ակնաղբիւրն է - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Մարեմեան աղօթքը եզրափակելով ու ներկաներուն մաղթելով բարի կիրակի ու անոնցմէ խնդրելով որ բարեհաճին չմոռնալ աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.